2013-10-04 10:37:14

Կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան`. Պարգեւատրում Հայ Մամուլի Մշակներէն Շահանդուխտի Եւ Դոկտ. Նորա Արիսեանի:


Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ու ներկայութեամբ լիբանանահայ մամուլի մշակներու, մտաւորականներու, մշակութային թէ միութենական ներկայացուցիչներու եւ գրասէր ազգայիններու, երէկ` հինգշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դեսպանատան մէջ կայացաւ հայ մամուլի վաստակաշատ մշակներէն Շահանդուխտի (Սանդուխտ Պերթիզլեան) եւ դոկտ. Նորա Արիսեանի պարգեւատրումը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:
Այս առիթով Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց ներկաները` նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը բարձր կը գնահատէ հայրենակիցներու արժանիքներն ու աւանդը հայապահպանման առաքելութեան մէջ: «Մովսէս Խորենացի շքանշանը կը շնորհուի հայ մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան, կրթութեան եւ մարդկային գիտութիւններու մարզերուն մէջ ստեղծագործական ակնառու նուաճումներու համար», ընդգծեց դեսպան Քոչարեան` իր ուրախութիւնը յայտնելով, որ պետական նման պարգեւատրումով վարձատրուողներու շարքը կ՛ընդգրկէ նշեալ մարզերուն մէջ նշանակալի աւանդ ունեցող մեր հայրենակիցները:
«Օրէ օր նոր որակ ձեռք կը բերէ Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը: Այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հնգամեայ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումներ կը սկսին: Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զօրացման ուղղուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներու զգալի մասը», շարունակեց դեսպան Քոչարեան եւ աւելցուց. «Հայ ինքնութեան պահպանման ու զարգացման գործին մէջ մեծ է ձեր` հայ գրողներու եւ լրատուամիջոցներու դերը: Հայ գրողներն ու լրատուամիջոցները բոլոր ժամանակներուն ընթացքին եղած են հասարակական կեանքին վրայ աշխուժ ներգործութիւն ունեցող հայրենանուէր, հայ մշակոյթի պաշտպանման համար պայքարող առաջամարտիկներ»:
Ան նշեց, որ պարգեւատրեալները իրենց ստեղծագործութիւններով աշխարհին կը ծանօթացնեն հայ մարդը, անոր հոգեբանութիւնը, արժէքներու համակարգը, ազգային հիմնախնդիրները, անոր ցաւը, պայքարը եւ անշուշտ` յաղթանակները: «Միասնական ըլլանք համազգային հիմնահարցերու բարձրաձայնումի հարցին մէջ», շեշտեց դեսպան Քոչարեան` իր համոզումը յայտնելով, որ օր ըստ օրէ ամրապնդուող հայոց պետութեան, Արցախի եւ սփիւռքի միասնական կամքով եւ ներուժով կը յաղթահարուին բոլոր մարտահրաւէրները:
Դեսպան Քոչարեան այս առիթով իր ջերմ շնորհաւորանքները փոխանցեց նաեւ մամուլի վաստակաշատ երկու այլ մշակներու` Ժիրայր Դանիէլեանին եւ Համբիկ Մարտիրոսեանին, որոնք նոյնպէս արժանացած են «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, զոր պիտի ստանան Երեւանի մէջ` յատուկ հանդիսութեամբ:
Օրուան հանդիսավար Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան իր կարգին ողջունելէ ետք ներկաները` շնորհաւորեց երկու պարգեւատրեալները` ներկայացնելով իւրաքանչիւրին կենսագրական գիծերը: Ապա դեսպան Քոչարեան ընթերցելէ ետք յատուկ այս առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրապարակած հրամանագիրը, անջատաբար յանձնեց շքանշանները:
Պարգեւատրեալ Շահանդուխտ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ու ղեկավարութեան` այս նախաձեռնութեան համար, որ «աւելի հանդիսութեան վերածուած էր, քան սոսկ պարգեւատրումի արարողութիւն»: Խոստանալով շարունակել մամուլի իր առաքելութիւնը` Շահանդուխտ իր շքանշանը նուիրեց հայ մամուլի մշակներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Ազդակ» թերթի տնօրէնութեան եւ դեսպանատան հիւպատոս` Կարէն Մաթեւոսեանին:
Իր կարգին, պարգեւատրեալ դոկտ. Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, նմանապէս խոստացաւ շարունակել իր սկսած «գործ»-ն ու պատրաստել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին յատուկ իր աշխատութիւնը եւ իր շքանշանը նուիրեց սուրիահայ 50 նահատակներուն, որոնք ցարդ զոհ գացած են Սուրիոյ ցաւալի դէպքերուն: Շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան:
Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան քոքթէյլի յատուկ հիւրասիրութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.